2011-08-05 12:14:50

Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձի Առթիւ Ճանչնաք Ռատիօ Վատիկանի Յայտագիրները։


Այսօր կը խօսինք Վատիկանի Ձայնասփիւռի Սոմալ Լեզուի Յայտագրի Մասին։

Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձի առթիւ 1931 - 2011 ամէն շաբաթ մեր ունկնդիրներուն կը ներակայացնենք Վատիկանի ձայնասփիւռի 44 լեզուներով յատագիրներէն մէկը։ Այսօր կը խօսինք Սոմալ լեզուի Յայտագրի մասին։

Ռատիովատիկանի Սոմալ Լեզուի յայտագիրը ծնունդ առաւ 1922 հոկտեմբերին։
1991-ի յունուարին, Սոմալիոյ պետութիւնը վերջնականապես կը քանդուէր քաղաքացիական եղբայրասպան ահաւոր պատերազմի հետեւանքով։ Վերջ կը գտնէր նաեւ այն օրերու երկրի նախագահ՝ Մոհամմէտ Սիատ Պարի նախագահութիւնը ու սոմալացի զանազան տոհմերու երկրին տիրապաետելու մրցակցութիւնը կը սկսէր։ Կաթողիկէ եկեղեցին որ Սոմալիոյ մէջ գոյութիւն ունէր 1900 էն վեր, Սոմալի պետութեան փլուզումէն ետք, ան եւս՝ իր կարոյցներով թիրախ դարձաւ քաղաքացիական պատերազմին ու հոն գտնուող միսիոնարները ստիպուեցան հեռանալ երկրէն ու ապաստանիլ այլուր։ Բայց եւ այնպէս Կաթողիկէ եկեղեցին ջանաց` մարդասիրական կազմակերպութիւններու միջոցաւ, ինչպէս՝ Քարիթասի եւ Մխիթարիչի Առաքեալներ քոյրերու միաբանութեան, գոյատեւել անոնք նեցուկ կանգնեցան երկրի բնակչութեան։
Գերապայծառ Ճորճիօ Պերթին` այն ժամանակուայ Մոկատիշոյի առաքելական վարիչը, գերպայծառ Սալվաթորէ Գոլոմպօ-յի սպանութենէն ետք, 9 յուլիս 1989-ին՝ ապաստանեցաւ Մօտակայ Նայրոպիի՝ Քենիա քաղաքը։
Իր առաջնահերթ մտահոգութիւնը եղաւ մարդասիրական օժանդակութիւն յայթայթել Սոմալացի ժողովուրդին, ունենակով այն համոզումը որ <<բարի գործերուն>> կից կարիքը կար նաեւ <<Բարի Պատգամին>>։
Եթէ Սոմալիան ինկած էր խոր անդունդի մէջ, անիկա հետեւանքն է իր ժողովուրդի սրտի կարծրութեան որ լուսաւորուած չէր Աստուծոյ Խօսքով։ Վերածնունդի համար հարկ էր հաշտութեան, բարութեան եւ արդարութեան նոր պատգամ մը։
Գերապայծառ Պերթին կարիքն զգաց, կերակուրի եւ դեղերու հետ միասին, ժողովուրդին հասցնել նաեւ Աստուծոյ խօսքը ու տեսնելով տեղական միջոցներու անկայունութիւնը դիմեց այդ ժամանակուայ Վատիկանի ձայնասփիւրի յատագիրներու տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիին ու համոզեց զինք շաբաթական 10 վարկեան տեւող (որ այժմ դարձաւ 12 վարկեան) Սոմալ լեզուով յայտագիր մը ստեղծել որ կը սփռուի ամէն շաբաթ օրը երեկոյեան ու կը կրկնուի Կիրակի առաւօտուն։
Յատագրի խմբագիրն է նոյնինքն Մոկատիշոյի առաքելական Վարիչ Գերապայծառ Ճորճիօ Պերթինը , որ 2001-էն ի վեր անուանուած է նաեւ՝ Ճիպութիի եպիսկոպոս։ Գլրապայծառ Պեթինիին կ՛օգնէ սոմալցի երիտասարդ մը որ կը թարգմանէ գերապայծառին գրութիւնները ու արձանագրելով յայտագիրը զայն կ՛ուղարկէ Ռատիովատիկանի կեդրոնը, ուրկէ ապա կը ձայնասփռուի։
Այս տարիներու ընթացքին, Սոմալ յայտագիրը անդրադարձաւ զանազան նիւթերու հայող քրիստոնէական հաւատքին ու կեանքին։ Աստուածաշունջէն էջեր, Կիրակնօրեայ աւետարանի վերլուծում ու բացատրութիւն, եկեղեցւոյ վարդապետութիւն, Ափրիկէի յատուկ սիւնոդոսները, Եկեղեցւոյ Քրիտոնէականը, աղօթքներ, վկայութիւններ, քահանայապետի քարոզներն ու պատգամները, ու նաեւ այլ եկեղեցական նիւթեր։
Հակառակ Սոմալիոյ մէջ տիրող տագնապին, Ռատիովատիկանի Սոմալ Լեզուի յայտագիրները ունին իրենց ունկնդիրները։ Այս ուղղութեամբ համոզուած եմ - կ՛ըսէ գերապայծառ Պերթին որ <<մանանեխի հատիկը որ հողին մէջ կ՛իյնայ ու կը մեռնի շատ արդիւնք կու տայ>> ու պտղաբեր է, որովհետեւ Աստուծոյ խօսքէն կը բխի, ու բարի պտուղներով կ՛աճեցնէ մարդու սիրտը։








All the contents on this site are copyrighted ©.