2011-08-05 12:14:33

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Պատգամը Գոլոմպոսի Ասպետներու Հաւաքին։


Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու՝ Տենվեր քաղաքին մէջ, 2 էն 4 Օգոստոս, տեղի ունեցաւ Գոլոմպոսի ասպետներու 129-րդ հաւաքը, ունենալով որպէս բնաբան. ''Աշխարհը նոր հաւատք ունենայ '' ներշնչուած՝ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի Ամերիկայի ուղղած առաքելական յորդորագիրէն։
Այս առթիւ Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ, յանուն Սրբազան Քահանայապետին, պատգամ մը ուղղեց ժողովականներուն, որուն մէջ կ'ընդգծէ հարկաւորութիւնը կեանքի պաշտպանութեան ՜՜սաղմէն մինչեւ բնական մահը՝՝։
Կարտինալը իր պատգամին մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնէ ասպետներուն, որ հակառակ ներկայ տնտեսական դժուար պայմաններուն, կարողացան իրենց նպաստը բերել կարօտեալներուն եւ մասնաւորապէս ՜՜Հայիթիի եւ Ճաբոնի երկրաշարժի թիրախ զոհերուն՝՝։










All the contents on this site are copyrighted ©.