2011-08-05 12:15:08

Հոնկ-Գոնկ Թեմի Առաջնորդը Կը Դատապարտէ Չինաստանի Իշխանութեան Անհեթեթութիւնը Յաչս Եկեղեցւոյ։


Կարտինալ Զէն Զէ-Քիուն` երբեմնի առաջնորդը Հոնկ-Գոնկ թեմին, դատապարտած է Չինաստանի իշխանութիւնը, որ վերջերս եպիսկոպոսներ օծել տուած էր առանց Ս. Աթոռի օրհնութեան, կարտինալը այս ընթացքը որակած է անհեթեթ եւ ծիծաղելի, քանի որ ամէնքը գիտեն թէ Չինաստանի իշխանութիւնը աստուածամերժ է։ Չինաստանի պատասխանատուները իրենց այս զարմանալի ընթացքով կը սահմանափակեն անհատական ազատութիւնը եւ նոյնիսկ խղճի ազատութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.