Քենիայի Եպիսկոպոսներու Կոչը Սովէ Տառապող Աւելի Քան Չորս Միլիոն Հոգիի Ի Խնդիր։
Քենիայի կաթողիկէ եպիսկոպոսները կոչ ուղղած են միջազգային հասարակութեան, օգնութեան հասնելու
համար երաշտի հետեւանքով իրենց աւելի քան 4 միլիոն սովէ տառապող հայրենակիցներուն։ Եպիսկոպոսները
իրենց յայտարարութեան մէջ գրած են. ''Միասին, թոյլ տուէք ապահովութիւն տալու մեր հայրենիքին''
որպէսզի միջազգային հասարակութիւնը ընդառաջէ զօրակցութեան իրենց կոչին։