2011-08-04 13:42:19

Իրաք - Ինքնաշարժի Պայթում Եկեղեցւոյ Մը Առջեւ Որ Պատճառած Է 15 Վիրաւորներ։


Երեքշաբթի 2 օգոստոսին Իրաքի Քիրքուք քաղաքի ասորիներու եկեղեցւոյ առջեւ ինքնաշարժ մը պայթեցաւ, պատճառելով 15 վիրաւորներ, որոնցմէ երկուքը ծանր վիճակի մէջ են (կը հաղորդագրէ ֆրանսական ԱֆԲ լրատու գործակալութիւնը)։ Ասիկա առաջին անգամն է որ այս եկեղեցին թիրախ կը դառնայ մահափորձի մը։ 2010ին Իրաքի քրիստոնեաները բազմաթիւ զոհեր տուին։ 31 հոկտեմբերին Պաղտատի ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ 45 հաւատացեալներ սպաննուեցան ալ քայիտայի ահաբեկիչ խումբի կողմէն։
Քիրքուքի եպիսկոպոսը գերապայծառ Լուի Սաքօ մամուլիին հետ ունեցած ելոյթով հարց տուաւ թէ ՜՜այդ ահաբեկիչ արարքը քաղաքական ինչ պատգամ, իմաստ ու նպատակ ունի, մաղթելով որ ասիկա ըլլայ վերջին բռնարարքը։ Ռամատանի ամիսը աղօթքի, ծոմապահութեան ու բարի գործ կատարելու ամիս է, չենք հասկնար ինչ կ՝ուզեն ահաբեկիչները։ Եթէ պահանջք մը կամ իրաւունք մը ունին, թող բանաձեւեն՝՝։ Նշենք թէ Քիրքուքի մէջ կ'ապրէին 50 հազար քրիստոնեաներ, ներկայիս անոնք կը հաշուեն շուրջ 10 հազար հոգի, 600.000 բնակչութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.