2011-08-04 13:45:48

՜՜Թռչնոց Բոյնը՝՝ Կը Շարունակէ Ընդունիլ Կարօտեալ Ընտանիքներու Եւ Մասնաւոր Դաստիարակութեան Կարիք Ունեցող Մանուկներ։


Անցնող 80 տարիներու ընթացքին մարդասիրական առաքելութիւն ծաւալած ՙԹռչնոց Բոյն՚ը, տարուէ տարի աւելի եւս կը զգայ իր աշխատանքին անհրաժեշտութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, յատկապէս Սփիւռքի մէջ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող այս բարեսիրական հաստատութիւնը, Արամ Ա. Կաթողիկոսի անմիջական հսկողութեան ներքեւ կը գտնուի: Վեհափառին կողմէ նշանակուած Խնամակալութեան աջակցութեամբ, անոր ներկայացուցիչ Միաբան հոգեւոր տեսուչը եւ հաստատութեան տնօրէնը ու ՙԳայիանեան՚ Քոյրերու Միաբանութեան անդամուհիները ջանք չեն խնայեր կատարելու այն պարտականութիւնը, որ տարիներէ ի վեր վստահուած է այս հաստատութեան:
Հետեզհետէ աճող տնտեսական տագնապը, ընտանեկան ընկերային կեանքի դժուարութիւնները, ու անգործութեան հետեւանքով ստեղծուող կարիքները աւելիով կը շեշտեն ՙԹռչնոց Բոյն՚ին տեղն ու դերը մեր հաւաքական կեանքէն ներս:
Այս կացութեան մասին արտայայտուելով, Վեհափառը յատկապէս ընդգծեց հետեւեալ կէտերը. ՙա) Հայ մանուկի տարուան առիթով առաւել կազմակերպուածութիւն, բ) Յաւելեալ գուրգուրանք դժբախտ ու կարիքաւոր մանուկներու նկատմամբ, գ) Ուսման ու կրթութեան լաւագոյն պայմաններ ազգի խնամքին յանձնուած մեր մանուկներուն համար՚: Ու ապա աւելցուց Վեհափառ Հայրապետը ՙԱ՜յս է Եկեղեցւոյ կոչումը՝ ծառայել որբին, հիւանդին, աղքատին, զրկեալին: Այս գիտակցութեամբ ու նուիրումով մենք որպէս Եկեղեցի պիտի շարունակենք գործել ու ծառայել՚:
Մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ազգային թէ միջազգային կարեւոր նպաստ ունեցող հիմնադրամներուն ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւաքական նպաստով իր աշխատանքը շարունակող այս Տունը, պիտի շարունակէ հայ մանուկներուն ապաստանարանը մնալ, սրբելով որբին արցունքը, եւ յաջող կեանքի ասպարէզ բանալով անոնց դիմաց:
Յայտնի եւ անյայտ բազմաթիւ անհատ բարերարներ լուռ մասնակցութեամբ սատար կը հանդիսանան հաստատութեան վերելքին, իրենց լաւագոյնը մատուցելով հայ մանուկներուն: Արդիական պայմանները, կրթութեան նոր մեթոտները՝ համաձայն ներկայ մանկավարժութեան կանոններուն, մեր աշակերտները դարձուցած են աւելի զուսպ ու խոստմնալից:
Հաստատութեան 80 ամեակի տօնակատարութեանց ընդառաջ, յոյսով լեցուն են մեր սրտերը, թէ՝ մեր ժողովուրդի զաւակները պիտի շարունակեն իրենց օժանդակութիւնը կատարել ՙԹռչնոց Բոյն՚ին: Հաստատութիւն որ մեր ժողովուրդին դէմ կատարուած Ցեղասպանութեան տխուր յիշատակը ունենալով հանդերձ, միաժամանակ մեր ազգի յարութեան խորհրդանիշն է:










All the contents on this site are copyrighted ©.