2011-08-04 13:40:37

JMJ -Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան Համար Պատրաստուած Է Աւելի Քան 600.000 ''Ուխաւորի Գիրք''


''Ուխաւորի գիրք''ը՝ ծիսական գործնական աղօթքի գիրք մըն է, օգնելու համար երիտասարդը լաւագոյն կերպով հետեւելու 16էն-21 օգոստոսին տեղի ունեցող բոլոր ծիսակատարութիւններուն։ Երիտասարդը ներփակ կը գտնէ նաեւ առաւօտեան ու երեկոյեան ամէնօրեայ աղօթքները։
Բացի աղօթքներէն, JMJ-ի կազմակերպիչ մարմինը խորհրդածութիւններ կ'ընծայէ երիտասարդներու հաւաքին հոգեւոր բնոյթի եւ կարգ մը ծիսակատարութիւններու իմաստին մասին։ Նոյնպէս ''ուխաւորի գիրք'' հատորին մէջ կարելի է գտնել JMJ-ի պաշտպան սուրբերու կենսագրագրութիւնները, ինչպէս աղօթել սուրբ վարդարանը, խոստովանանք կատարել եւ զանազան ծիսակատարութիւններուն ընթացքին երգուելիք բազմաթիւ հոգեւոր երգեր։ Ի դէպ՝ 600.000 ''ուխաւորի գիրք'' տպագրուած է եօթը լեզուներով։
Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան յայտագիրին մէջ նախատեսուած է ''Քրիստոս գեղարուեստի ընդդմէջէն'' նիւթին մասին յատուկ ցուցադրութիւնը Բրատօ թանգարանին մէջ։ Վատիկանի թանգարանը իր նպաստը բերած է այս ցուցահանդէսին տրամադրելով՝ Գարավաճոյի ՜՜Քրիստոսի խաչէն էջքը՝՝ իւղանկարը։ Այս գլուխ գործոցը գործադրուած է 1603-ին որ եւ կը կոչուի ''խաչին զետեղումը''։ Իր տեսակին մէջ եզակի այս ցուցահանդէսը կը ներփակէ 14 իւղանկարներ` որոնք ճշմարիտ գանձ են Քրիստոսի պատկերացումներուն։ JMJ-ին մասնակցող բոլոր երիտասարդներուն կարելիութիւն պիտի տրուի մասնակցելու ցուցահանդէսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.