Օրթոտոքս եկեղեցւոյ կոչը դատապարտելու Սդալինի, Լենինին եւ Թրոդսքիի ոճիրները - Ռուսեան
պէտք է ընդունի անցեալի սխալներն ու ոճիրները։
''Ռուսիան բնաւ պատուաւոր ապագայ մը պիտի չունենայ որքան որ Սդալին, Լենինի եւ Թրոդսքի
ոճրագործներու արարքները չդատապարուին'' յայտարած է աւագ քահանայ Շաբլէն` պատասխանատուն
ռուս եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան կապի հարցերուն, մինչ կը գլխաւորէր ոգեկոչման արարողութիւնը
սովետական վարչաձեւի զոհերուն։ Շաբլէն ներկաներէն խնդրեց աղօթել զոհերուն եւ երկրին ապագային
համար։ Ռուսիան պէտք է բիւրեղցանէ իր յիշողութիւնը եւ խիղճը, որպէսզի դառնայ ազգ մը առաջնորդուած
''ճշմարտութեան, սիրոյ ու խաղաղութեան սկզբունքներով''