2011-08-03 14:02:13

Տերսիմի Մէջ Մնձուրիի Փառատօնը Աւարտած Է


ՏԵՐՍԻՄ.- Տերսիմի մէջ աւարտած է Մնձուրիի՝ բնութեան եւ մշակոյթի փառատօնը, որուն հանդիսաւոր փակումը վստահուած էր հայրենասիրական եւ ազգագրական երգի «Մարաթուկ» խումբին:
Փառատօնին ներկայ եղած է ազգութեամբ քիւրտ երաժիշտ Միքայէլ Ասլան, որ երկու տարի առաջ Տերսիմ մեկնած «Ակունք» ազգագրական խումբի անդամները 40 հազարի հասնող հանդիսատեսներուն ներկայացուցած է իբրեւ Ցեղասպանութեան զոհ դարձած ազգի զաւակներ:
Այս անգամ Միքայէլ Ասլան անպատրաստից հայերէն եւ զազայերէն երգեր կատարած է՝ «Մարաթուկ»ի անդամ Արտաշէս Խաչատրեանի հետ:
Մարաթուկցիները շուտով պիտի վերադառնան Հայաստան:








All the contents on this site are copyrighted ©.