2011-08-03 13:33:18

Պնենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գլխաւորած Արարողութիւնները Օգոստոս Ամսուայ Ընթացքին


Օգոստոս Ամսուայ ընթացքին յուլիս ամսուայ դադարէն ետք սկիզբ կ՛առնեն Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը 15 Օգոստոսին Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առթիւ Գասթել Կանտոլֆոյի Վլլանովայի Սուրբ Թովմասի անուան եկեղեցւոյ մէջ` առաւօտեան ժամը 8-ին պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագ։
16 օգոստոսէն մինչեւ 21-ը՝ Մատրիտի մէջ տեղի կ՛ունենայ 2011-ի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրը։ Ասիկա կը հանդիսանայ երկրորդ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրը զոր կը գլխաւորէ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը ։ Սրբազան Հայրը Սպանիոյ մայրաքաղաքը պիտի ժամանէ 18 օգոստոսին, ուր պիտի հանդիպի համայն աշխարհէն եկած երիտասարդներուն ։ Շաբաթ 20 օգոստոսի երեկոյեան երիտասարդներու հետ միասին Սրբազան Քահանայապետը պիտի մասնկացի Աղօթքի մեծ հսկումին, իսկ երկրորդ օրը Մատրիտի Օդակայանի մէջ պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը եւ որուն աւարտին հանրութեան պիտի յայտնէ քաղաքին անունը ուր տեղի պիտի ունենայ յաջորդ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.