2011-08-03 13:27:02

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


՜՜Արձակուրդը ժամանակն է Ս. Գիրքի ընթերցումին՝՝։

Չորեքշաբթի 3 օգոստոս 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար ուխտաւորներուն, խմբուած՝ Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցին մէջ։
Խօսքը ուղղելով զանազան երկիրներէն եկած ուխտաւորներուն, Սրբազան Քահանայապետը քաջալերեց զանոնք որ ամառնային այս արձակուրդներէն օգտուին կարդալու Աստուծոյ խօսքը` Ս. Գիրքը։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Ուրախ եմ ձեզ ընդունելու եւ կ'ողջունեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրը։ Արձակուրդի այս շրջանին, կը խրախուսեմ ձեզ ժամանակ գտնել Ս. Գիրքը բանալու ու կարդալու զայն կազմող՝ մէկ կամ աւելի գիրքերը, ըսաւ Սրբազան հայրը, եւ այսպէսով պիտի կարենաք սնուցանել ձեր հոգին ու զարգացնել ձեր մշակոյթը. ու այսպէս աւելի մօտէն պիտի ճանչնաք զԱստուած ու աղօթքի միջոցաւ աւելի պիտի սերտացնէք ձեր կապը Տիրոջ հետ ։ Ձեզի բոլորիդ կը մաղթեմ բարի ուխտագնացութիւն եւ բարի կեցութիւն Հռոմ` Յաւիտենական Քաղաքին մէջ։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները երաշխաւորելով իր աղօթքը բոլորին, որպէսզի զօրացած աստուածային շնորհքով (ըսաւ Սրբազան Հայրը) կարողանաք Աւետարանը քարոզել ձեր շրջապատէն ներս ըլլա'յ խօսքով եւ ըլլա'յ բարի օրինակով։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով. սիրելիներ Քրիստոսի լոյսը թող միշտ լուսաւորէ ձեր կեանքը ու զայն բարիքներով պտղաբեր դարձնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.