2011-08-03 13:58:12

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Բարեմաղթութիւնները Իսլամ Աշխարհին՝ Ռամատանի Ծոմապահութեան Ամսոյն Առթիւ։


Մէկ օգոստոսին սկիզբ առաւ իսլամներու ՜՜ ռամատանը՝՝ ծոմապահութեան ամիսը, որ կը կազմէ իսլամ կրօնքին 5 սիւներէն մէկը։ Այս ամիսը նուիրուած է յատուկէն աղօթքի ու նաեւ զօրակցութեան աղքատի ի նպաստ։ Այս առթիւ գերապայծառ Չելաթա` քարտուղարը միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին, հետեւեալ բարեմաղթութիւնները յայտնեց իսլամ աշխարհին. ՜՜մահմետական մեր եղբայրներուն նախ կը յայտնենք մեր հոգեւոր մօտիկութիւնը մաղթելով անոնց որ լիովին օգտուին այս օրհնաբեր ամիսէն։ Իսլամ աշխարհին հետ ապրող քրիստոնեաները լիովին կը բաժնեն ռամատանը` հանդիպումներ կազմակերպելով իրենց մահմետական դրաձիներուն հետ։ Քրիստոնեաները այս առթիւ կանչուած են իրենց վկայութիւնը տալ իրենց կեանքի բարի օրինակով։ Կաթողիկէ եկեղեցին այս առթիւ սովոր է բարեմաղթութիւնները ուղարկել իսլամ աշխարհի ներկայացուցիչներուն ռամատանի աւարտին , որպէս նշան բարեկամութեան ու երկխօսութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.