2011-08-02 11:02:59

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Ռատիովատիկանի ընդհանուր Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր այս շաբթուայ խմբագրականը կը յատկացնէ Երիտասարդներու Համաշխարհային օրուան տալով անոր որպէս խորագիր ''ՃմՃ - Երիտասարդներու Համաշխարհային օր - Երրորդ Սերունդ''
Կարտինալ Րօուքօ Վարելան` որ Սանդիակօ Տէ Գոմբոսդելլայի մէջ 20 տարի առաջ կազմակերպած էր Երիտասարդներու Համաշխարհային օրը եւ որ այս 2011 տարուայ ՃՄՃ Երիտասարդներու Համաշխարհային օրը իր թեմէն ներս կը հիւրնկալէ խօսեցաւ ՃՄՃի երիտասարդներու երեք սերունդներու մասին - այսպէս կը գրէ հայր Լոմպարտին։

Առաջին սերունդը կը պատկանի 1968 թուին ուր յեղափոխական եւ ազատական գաղափարականներ ի յայտ եկան։ Երկրորդը 1989 ին պատերու փլուզումը եւ ՅՊԲ.ի բացած նոր հորիզոնները որ ուշադրութիւն կեդրոնացուցին հոգեւոր ծաւալի վրայ։ Երրորդը <<ինթերնէթային եւ հասարակական հաղորդամիջոցներու>> սերունդն է Թուային աշխարհի երիտասարդներ։
Անշուշտ այս ամէնը պարզութեամբ ներկայացնելու ձեւ մըն է, թէեւ հաստատ գիտենք թէ աշխարհը արագ կը յեղաշրջումի ենթարկուած է եւ երիտասարդները առաջիններն են որ կը զգան ու կ՛ըմբռնեն փոփոխութիւնները ու կը իւրացնեն զանոնք իրենց կեանքի` մտածելակերպի` եւ վարուելակերպի մէջ։

Մատրիտ երթանք ուրեմն` Սրբազան Քահանայապետի հետ, այն համոզումով որ մեր առջեւ ունինք նոր մարտահրաւէր մը։ Քրիստոսը աւետել այս նոր սերունդին ու խնդրել որ երիտասարդները իրենց կարգին ըլլան դերակատարները այս Աւետումին` աշխարհագրական ցամաքամասերու ու նաեւ աշխարհին։ Յանձնառու եւ մտավախութեան մատնող մարտահրաւէր մըն է բայց եթէ <<հաստատուած ու արմատացած ըլլանք Քրիստոսի մէջ>> ուստի <<հաստատ հաւատքի մէջ>> կրնանք յոյսով նայիլ դէպի ապագան։ Որովհետեւ Քրիստոսի մէջ արմատացած ըլլալով է որ շատ մը երիտասարդ սերունդներ կարողացան յոյսի աչքերով կառուցել իրենց ապագան։ Սոյն քայլերը առնելով՝ այս սերունդը եւս պիտի կարենայ յաջողիլ։









All the contents on this site are copyrighted ©.