2011-08-02 11:02:36

Երիտասարդութեան Համաշխարհային 26-րդ Օրը


Մատրիտի քաղաքապետը իր խնդակցութիւնը յայտնած է համայն աշխարհէն եկած երիտասարդներուն համար։
Սպանիոյ մայրաքաղաքը, կը պատրաստուի տօնախմբել երիտասարդութեան համաշխարհային օրը որ տեղի կ՝ունենայ օգոստոսի կէսին։ Աշխարհի զանազան երկիրներէն արդէն Մատրիտ հասած են մեծ թիւով երիտասարդներ։ ի տես ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտին, Մատրիտի քաղաքապետը՝ Կալլարտօ պաշտօնապէս յայտարարութիւն մը կատարած է որով կը քաջալերէ Մատրիտի բնակչութիւնը որ Սրբազան Քահանայապետին ու կաթողիկէ աշխարհի համայն երիտասարդներուն ներկայացնեն Մատրիտը որպէս ''երիտասարդ, հիւրընկալ եւ բարեկամութեան քաղաք'' յոյս յայտնելով որ անոնց՝ հիւրերու ներկայութիւնը մեր մէջ, ըսած է քաղաքապետը, բոլորիս համար ըլլայ զուարճալի եւ հարուստ փորձառութիւն մը, եւ անգամ մը որ վերջ գտնէ տօնախմբութիւնը, հիւրերը տուն դառնան եւ մեր քաղաքին մասին խօսին որպէս հոմանիշը ջերմ հիւրընկալութեան։ Նշենք թէ Մատրիտ մայրաքաղաքը տասը հազար կամաւորներ պատրաստած է, լաւագոյնս ընդունելու՝ համայն երկիրներէն եկած բոլոր երիտասարդները։








All the contents on this site are copyrighted ©.