2011-08-02 11:03:42

Եգիպտացի հայագէտ Մոհամետ Ռիֆաթ Իմամ կը պարգեւատրուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մետալով


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրամանագիրով եգիպտացի պատմաբան, հայագէտ եւ ցեղասպանագէտ, Աղեքսանդրիոյ համալսարանի դասախօս, դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաթ Իմամ պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մետալով՝ հայ մշակոյթը եւ պատմութիւնը արաբական աշխարհին մէջ ներկայացնելու գործին մէջ ունեցած իր նշանակալից աւանդին համար:
Մետալի յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ կազմակերպուած մեծարման երեկոյի մը ընթացքին: Ներկայ գտնուեցան եգիպտացի ականաւոր մտաւորականներ, գիտնականներ, դասախօսներ, դիւանագէտներ, հասարակական գործիչներ, լրագրողներ, Գահիրէի համալսարանի հայագիտական ուսումնասիրութիւններու պատասխանատուներ եւ ուսանողներ, բազմաթիւ եգիպտահայեր:







All the contents on this site are copyrighted ©.