2011-08-01 13:45:30

ֆրանսական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ KTO Հեռուստատեսիլը Կը Նպատակադրէ Պատկերասփռել Մատրիտի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան Բոլոր Արարողութիւններն Ու Անցուդարձերը Օգոստոս 16 էն - 21ը։


Այս նախաձեռնութեամբ ֆրանսայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկեռասփիւռը առիթ կու տայ որ բոլոր այն երիտասարդները որոնք չկարենալով ներկայ գտնուիլ միջազգային օրուան, հետեւին ու փորձարկեն եկեղեցւոյ տիեզերականութիւնը ու Եկեղեցւոյ դրած մեծ յոյսը ապագայ սերունդին վրայ։
KTO հեռուստատեսիլի միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ ՝ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան պատարագի բացման արարողութեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի վերապահուած՝ բարիգալուստի արարողութեան հինգ ցամաքամասերէն եկած երիտասարդներու կողմէ։ Նաեւ՝ Նորին Սրբութեան հանդիպումը կրօնաւորներու ու համալսարանի աշխարհին հետ։ Ճանապարհ խաչի սրբազան արարողութիւնը։ Այցելութիւնը Ս. Յովսէփ Աստուածահօր նուիրուած հաստատութեան։ Աղօթքի հսկումը ու փակման պատարագը։
Օգոստոս 16-21 ֆրանսական կաթողիկէ հեռուստատեսիլը վաւերագրութիւններ պիտի պատկերասփռէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեանքին մասին աշխարհի մէջ։









All the contents on this site are copyrighted ©.