2011-08-01 13:45:07

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Գերմանիոյ Թրունշթայն Քաղաքէն Կ'ընդունի Ոսկէ Մատանին։


Սրբազան Հօր քահանայական ձեռնադրութեան 60ամեակի տօնախմբութեան շրջագիծին մէջ, 30 յուլիս 2011ին, քահանայապետական ամառանոցին մէջ, Թրուշթայն քաղաքը համերգ մը տուած է Սրբազան Հօր ի պատիւ եւ որուն աւարտին անոր յանձնուած է քաղաքի Ոսկէ մատանին։
Նշենք որ 2006-ին Գերմանիոյ Թրուշթայն քաղաքը պատուոյ քաղաքացիութիւն շնորհած էր Պենետիկտոս ԺԶ.ին։ Արդարեւ Աւստրիոյ սահմանակից այս քաղաքին մէջ, ոչ շատ հեռու Սալզպուրկէն, Նորին Սրբութիւնը իր կեանքի առաջին տարիները ապրած էր ու հոն կատարած՝ փոքր նորընծայութիւնը 1939-1943։








All the contents on this site are copyrighted ©.