2011-07-31 14:53:49

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապեին կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապեին կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարմեան աղօթքը
Կիրակի 31 յուլիս Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆօ քահանայապետական ամառանոցէն հրեշտակ Տեառն մարմեան աղօթքը արտասանեց հարիւրաւոր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած խօսքին մէջ ի մէջ այլոց ըսաւ
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր Այսօրուան Աւետարանին մէջ
լսեցինք հացերու բազմացումի հրաշքը, որով մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կը կերակրէ անօթի բազմաթիւ ամբոխ մը։ Այդ կատարելու համար, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, մեզի չի տար օգտակար հնարք մը եղանակ մը կերակրելու աշխարհի անօթի ժողովուրդները, եւ ոչ ալ լուծելու անօթութեան ողբերգութիւնը։ Այլ մեզի կը յիշեցնէ թէ արտօնուած չէ անտարբեր մնալ յաչս սովահարներու եւ ծարաւողներու։ կը քաջալերէ մեզ կերակուր տալ անոնց, ու հացը բաժնել կարօտեալներու հետ։ Պէտք ենք զգայուն ըլլալ ժողովուրդներու չգաւորութեան։
Հրեշտակ Տաեառն մարեմեան աղօթքէն անմիջապէս ետք Սրբազան Քահանայապետը զանազան բարբառներով ողջունես ներկաները ըսելով. Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի սէրը ձեզի միշտ ընկերանայ։ Բարի կիրակի ամէնուդ։ Ձեզ ամէնքս կ'ողջունեմ։ Անուն Յիսուսի փառաւորեալ եղիցի։
Այժմ լեսելի կ'ընենք ՊԵնետիիկտոս ԺԶ Քահանայապետին տուած առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.