2011-07-30 12:48:18

Եւրոպան Առաւել 30 Միլիոն Եւրօ Կը Շնորհէ Հարաւային Ափրիկէի, Որպէս Օժանդակութիւն Երաշտի Զոհերուն։


Մարդկային օգնութեանց Եւրոպայի Միութեան վերատեսուչը՝ Ճորճեվա, որ ներկայիս Քենիան կ'այցելէ, խոստացաւ առաւել 30 միլիոն եւրօ յատկացնել հարաւային Ափրիկէի երաշտի զոհերուն։ Այս գումարը պէտք է աւելցնել 70 միլիոնի վրայ, որ Եւրոպան արդէն իսկ տրամադրած է Հարաւային Ափրիկէի համար եւ որուն անմիջական զոհերն են . Եւթոպիայի, Քենիայի, Սոմալիայի, Ճիպուդիի եւ Ուկանտայի բնակիչները։
Վենիզուելայի նախագահը իր կարգին՝ յայտարարած է թէ՝ պատրաստ է 5 միլիոն տոլար տալու Սոմալիային։








All the contents on this site are copyrighted ©.