2011-07-30 12:13:47

«Amnesty International»ը Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Դատելու Տինքի Սպանութեան Առնչուող Բոլոր Յանցագործները


ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Երբ թրքական դատարանը սպանութիւն գործելու համար 22 տարի 10 ամսուան բանտարկութեան ենթարկեց Օկիւն Սամասթը, «Amnesty International» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կրկին կոչ ըրաւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ հետաքննելու պաշտօնական անձերու դաւադրութիւնն ու անփութութիւնը՝ կապուած 2007ին «Ակօս» թերթի հայ խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան հետ:
«Օկիւն Սամասթը Հրանդ Տինքի սպանութեան պատասխանատու մարդոցմէ մէկն է միայն: Իշխանութիւնները պարտաւոր են հետաքննելու անոր մահուան շուրջ բոլոր հանգամանքները եւ բոլոր պատասխանատուները պատասխանատուութեան կանչել դատարանի մէջ, ի՛նչ պաշտօն ալ զբաղեցնեն անոնք», ըսած է Թուրքիոյ գծով «Amnesty Internatioanal»ի փորձագէտ Էնտրիւ Կարտնըր:
«Հրանդ Տինքի սպանութիւնը տեղի ունեցած է, երբ ան ծագումով հայ Թուրքիոյ քաղաքացիներու ինքնութեան մասին իր յօդուածներուն համար դատական հետապնդման ենթարկուած է՝ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ: Անոր սպանութիւնը, ըստ երեւոյթին, տեղի ունեցած է թրքական իրաւապահ մարմիններու տարրերու բացարձակ լռելեան համաձայնութեամբ», աւելցուցած է Կարտնըր:
2010 Սեպտեմբերին, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը հաստատած է, թէ թրքական իշխանութիւնները չեն գործած իրենց ստացած տեղեկատուութեան համաձայն, ինչ որ կրնար կանխել Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, եւ չեն հետաքննած պետական «չինովնիկ»ներուն դերը անոր մահուան մէջ: Արդարեւ, 2011 Յունիսին, սպանութեան սպառնալիքներ ուղարկուած էին «Ակօս» թերթի լրագրողներ Էթիէն Մահչուպեանի եւ Պասքըն Օրանի: Նման սպառնալիքներու համար ոչ ոք դատարան կանչուած է:
«Թրքական իշխանութիւնները պարտաւոր են միջոցներ ձեռնարկելու, որպէսզի երաշխաւորեն, թէ այլախոհները չեն ճնշուիր օրէնսդրութեամբ կամ բռնութեան կիրառումի սպառնալիքներով», ըսած է Էնտրիւ Կարտնըր, աւելցնելով, որ «Թուրքիոյ ժողովուրդը պէտք է հնարաւորութիւն ունենայ ազատօրէն արտայայտելու իր կարծիքը, առանց մահուան վախի եւ ազատազրկման»:







All the contents on this site are copyrighted ©.