2011-07-29 12:46:06

Սիրոյ Պակասը Արմատն Է Մարդկային Բոլոր Հարցերուն,


կ՛ըսէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սոմաս կղերական հաստատութեան 5րդ դարադարձի առթիւ ուղղած իր պատգամին մէջ։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սոմաս կղերական հաստատութեան պատգամ մը ուղղած է որուն մէջ հաստատած է թէ <<Սիրոյ պակասը արմատն է մարդկային բոլոր հարցերուն>> ու աւելցուցած՝ թէ <<փորձութիւնները որոնց ենթարկուած ենք մեր առօրեայի մէջ, կ՛օգնեն աճեցնելու մեր հաւատքը>>։ Նորին Սրբութիւնը այս պատգամը յղած է, Սոմաս կղերական հաստատութեան, անոնց հիմնադրի Ճիրոլամօ Էմիլիանիի բանտէն զարմանահրաշ կերպով ազատուելուն 5րդ դարադարձի առթիւ։ Յոբելենական տօնախմբութիւնները սկիզբ կ՛առնեն յառաջիկայ 25 սեպտեմբերին Վենետիկի Սուրբ Մարկոս Աթոռանիստ Պազիլիքայի մէջ եւ պիտի տեւեն գրեթէ մէկ տարի։ Իսկ փակման արարողութիւնը նախատեսուած է 2012 սեպտեմբեր 30ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.