2011-07-29 12:47:30

Ռմբակոծումները Լիպիոյ Մէջ Կը Շարունակուին Հակառակ Ռամատանի Մօտենալուն.


Թրիփոլիի առաքելական տեղապահը իր ցաւը կը յայտնէ ի տես Ատլանտեան ուխտի ու Եւրոպայի անտարբերութեան ։
Թրիփոլիի առաքելական տեղապահը` գերապայծառ Մարթինելլի իր ցաւը յայտնած է Ատլանտեան ուխտի ու Եւրոպայի անտարբերութեան ի տես զինադադարին` Ռամատանի իսլամական նուիրական ամսոյն առթիւ։ Բոլոր լիպիացիներու համար Ռամատանը կը մնայ նուիրական ամիս մը եւ այդ զգացումը պէտք է որ յարգուի։ Ատլանտեան ուխտը իր կարգին յայտնած է թէ կարելի է յարգել Ռամատանը պայմանաւ որ Մուամմար էլ Գատաֆիի ոյժերը իրենց կարգին յարգեն զինադադարը։
Թրիփոլիի առաքելական տեղապահը միաժամանակ դիտել տուած է որ Լիպիոյ դէմ շարունակուող ռմբակոծումները չեն թուիր նպատակդրել լոկ զինուական թիրախներ այլեւ քաղացիական նշաններ, ինչպէս վերջերս ռմբակոծուած են կերակուրի մթերանոցներ ու ընկերային կեդրոններ։ ՜՜Ի՞նչ իրաւունքով կը ռմբակոծուին կերակուրի մթերանոցներ՝՝ հարց տուած է գերապայծառ Մարթինելլի, ընգծելով թէ բնակիչները հոգեբանական ճնշումի ենթարկուած են Ատլանտեան ուխտի մշտատեւ թռիչքներու պատճառաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.