2011-07-29 12:47:09

Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձին Առթիւ Ճանչնաք Ռատիօ Վատիկանի Յայտագիրները։


Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձի առթիւ 1931 - 2011 ամէն շաբաթ մեր ունկնդիրներուն կը ներակայացնենք Վատիկանի ձայնասփիւռի 44 լեզուներով հաղորդուող յատագիրներէն մէկը։ Այսօր կը խօսինք Պիէլոռուս յայտագրի մասին։

60 տարիներ առաջ է որ սկիզբ առին Ռատիովատիկանի Պիէլոռուս լեզուով յատագիրները նախաձեռնութեամբ՝ չորս պիէլոռուսերու, որոնք՝ Պիոս ԺԲ Քահանայապետին իրենց շնորհած առանձնական ունկնդրութեան ընթացքին, խնդրանք ներկայացուցին Ռատիովատիկանի միջոցաւ սփռելու Պիէլոռուս Լեզուով յայտագիրներ. ու Սրբազան Քահանայապետը ընդառաջեց անոնց պահանջքին այսպէս 6 յունուար 1950-ին, Պիէլոռուս Յատագիրը սկսաւ իր կանոնաւոր սփռումները։ Հոս հարկ է նշել թէ՝ Վատիկանի Ձայնասփիւռը առաջին ձայնասփիւռն է որ Պիէլոռուսիայէն դուրս Պիէլոռուս լեզուով յայտագիր մը սփռեց։ Յատագրի առաջին տնօրէնը եղաւ Հայր Բիոդր Թաթատինովիչ։
Խօսելով Յայտագրի պարունակութեան մասին, պէտք է նշենք որ մինչեւ 1989 տարին, Վատիկանի ձայնասփիւռի յատագիրները յատուկ եւ կարեւոր դեր մը ունեցան ի տես այդ շրջանի եկեղեցական եւ կրօնական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ քահանաներու պակասին։ Արդարեւ Ռատիովատիկանի Պիէլոռուս յայտագիրը շատերուն համար կը հանդիսանար միակ աղբիւրը, կապի մէջ մնալու՝ Տիեզերական եկեղեցւոյ հետ ու զարգացնելու իրենց հաւատքի գիտելիքները։ Ռատիովատիկանի միւս յայտագիրներուն նման Պիէլոռուս յայտագիրը եւս իր հաղորդումները կը յատկացնէր Սրբազան Քահանայապետի գործունէութեան ու եկեղեցական լուրերուն։ Յայտագրին մեծ մասը անշուշտ նուիրուած էր եկեղեցական ու կրօնական լուրերուն միենոյն ժամանակ տեղ յատկացնելով մշակութային լուրերուն որոնց ընդմէջէն կ՛ ընդգծուէր Պիելոռուսիոյ Քրիտոնէական արմատները։
Մինչեւ 1989 տարին, խմբագրութիւնը ոեւէ մէկ կապ չունեցաւ Պիէլոռուսիոյ հետ ու միայն Բէրէսդրոյիքայի շրջանին է որ կարելի եղաւ տեղական լրագրողներու հետ կապեր հաստատել ու անոնց ուղարկած տեղական կրօնական եւ եկեղեցական լուրերը սփռել ռատիոկայանի միջոցաւ։ Նշենք թէ մինչեւ 1989-ն, Պիէլոռուս յայտագիրը Ք.Կ.Պ խորհրդային միութեան զինուորական գաղտնի սպասարկութեան հսկողութեան տակ եղած է։
Պիէլոռուսիոյ եկեղեցական կարոյցի վերականգնումի շրջանին, Վատիկանի ձայնասփիւռի պիէլոռուս յայտագիրը <<կամուրջի>> դեր ունեցաւ ընդմէջ Սուրբ Աթոռի եւ Պիէլոռուս Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, հանդիսանալով Սրբազան Քահանայապետին Պիէլոռուս Լեզուով հաղորդուող լուրերու միակ աղբիւրը։
Պիէլոռուս Յայտագրի հաաղորդումները կարեւոր դեր ունին, բարոյական եւ կրօնական կրթութեան ու կազմաւորման գծով։
Պիէլոռուսիան բազմադաւանանքային երկիր մըն է , առ այդ Վատիկանի ձայնասփիւռի յայտագիրները կը ջանան առարկայական կերպով ներկայացնել կրօնական եւ հասարակական կեանքի իրավիճակը` համամիութենական հոգիով զանազան կրօններու պատասխանատուներու միջեւ արծարծելով համերաշխութեան ու յարգանքի գաղափարը։
Վատիկանի Ձայնասփիւռի Պիէլոռուս յայտագրի առաջնակարգ պարտականութիւնն է հետեւիլ է Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Պիելոռուս հասարակութեան ներքեւ տեղի ունեցած յեղաշրջումներուն, ու եկեղեցւոյ վարդապետութեան վրայ հիմնուելով՝ պատասխանել հարցադրանքներուն ու կողք կողքի աշխատիլ տեղական եկեղեցւոյ հետ անոր վերածնունդին նեցուկ կանգնելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.