2011-07-29 12:46:19

Մօնաքօ եւ ֆրիզինիա Թեմի Մեծարանքը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին, Անոր Քահանայութեան 60 ամեակի Առթիւ։


Աւետել Յիսուսի փրկչագործ պատգամը եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է։ Պավարիոյ հողամասի մէջ ալ , 1250 տարիներէ ի վեր քրիստոնէութիւնը կը շարունակուի արտայայտուիլ։ Պէտք է մշտական կերպով պատասխաններ գտնել առօրեայ հարցադրանքներուն ու ասոր համար է որ մեր պաշտպան սուրբերուն` Սուրբ Գորպինիանոս եւ Տիրամօր բարեխռօսութիւնը կը հայցենք։ Այսպէս գրած է Մոնաքօ եւ ֆրիզինիայի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Րէյնալտ Մարքսը Սրբազան Քահանայապետին ի պատիւ, Փիթէր ֆիսդերի` հրատարակած հատորին ներածականին մէջ։ Հատորը ձօնուած է Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի քահանայութեան 60 ամեակին առթիւ, եւ որ Սրբազան Հօր ներկայացուեցաւ անցեալ 1 յուլիսին որպէս Մօնաքօ եւ ֆրիզինիա Թեմի կողմէ մեծարանքի արտայայտութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.