2011-07-29 12:47:59

Միջազգային Կարճ Լուրեր


ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ոստիկանութիւնը դադրեցուցած է փնտռտուքի աշխատանքները Ութոյա կղզիին վրայ, ուր անցեալ ուրբաթ օր Անտերս Պրիվիք 68 անձ սպաննած էր: Կ՛ենթադրուի, որ Պրիվիքի դատավարութիւնը սկսի յաջորդ տարուան ընթացքին:
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութեան նախագահութիւնը երէկ Պրիւքսելի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի երկու խմբակներու միացեալ ժողով մը գումարեց, որուն աւարտին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «Օսլոյի զոյգ յարձակումները եկան անգամ մը եւս ցոյց տալու, որ ահաբեկչութիւնը որեւէ կրօնի կամ հաւատքի հետ կապ չունի: Իսկ Եւրոպական Միութիւնն ու անոր անդամ երկիրները միշտ կը մերժեն բռնարարքը` անկախ անոր դրդապատճառէն»:


ԻՍՐԱՅԷԼ եւ Հարաւային Սուտան յայտարարեցին, որ իրենց միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատեն եւ երկու երկիրները մօտ օրէն այս յայտարարութեան գործնական երեսին, ներառեալ` դեսպաններու փոխանակման շուրջ բանակցութիւններ պիտի վարեն: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը պիտի կեդրոնանայ հաւասարութեան եւ փոխադարձ յարգանքի հիմամբ համակրանքի յարաբերութեան վրայ:


ՔՈՍՈՎՈՅԻ սերպերը յարձակելով հրկիզեցին անվտանգութեան Քոսովօ-Սերպիա հիւսիսային անցակէտը: Անոնք յայտարարեցին, որ Քոսովոյի անկախութիւնը չեն ընդունիր: Քոսովոյի վարչապետ Հաշիմ Թաչի յարձակումը կազմակերպելու յանցանքով Պելկրատը մեղադրեց: Ըստ անոր, քրէական խումբերը սերպական կառոյցներու առաջնորդութեամբ եւ Պելկրատի թոյլտուութեամբ յարձակում գործած են թիւ 1 անցակէտին դէմ: Սերպիոյ նախագահ Պորիս Թատիչ հրապարակեց յայտարարութիւն մը` խաղաղութեան եւ բռնութեան դադրեցման յորդորով:








All the contents on this site are copyrighted ©.