2011-07-29 12:47:40

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Հայազգի Մեներգիչ՝ Սերժ Թանքեան
Երեւանի մէջ, Օգոստոս 14-ին՝ Թումօ կեդրոնի բացման պաշտօնական արարողութեան պիտի յաջորդէ աշխարհահռչակ System of a Down խումբի մեներգիչ, ամերիկահայ Սերժ Թանքեանի համերգը։ Սերժ Թանքեանը հանդէս պիտի գայ Թումօ կեդրոնին մօտ՝ բացօթեայ անվճար համերգով մը, մինչեւ 20.000 հանդիսատեսի համար։ Այսպէս յայտնած է լրագրողներուն՝ Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնի պատասխանատուն, բացման միջոցառումներու առիթով իր ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Սերժ Թանքեանը պիտի ներկայացնէ գործեր Elect The Dead Symphony ալպոմէն, եւ իր հետ բեմին վրայ պիտի նուագեն Հայաստանի 40 դասական ոճի երաժիշտներ։ Համերգի ղեկավարը Աւստրալիայէն յատկապէս հրաւիրուած Համիշ ՄքՔիշն է։
«Համերգի մուտքը ազատ պիտի ըլլայ բոլորի համար»,- ըսաւ Դիիմ Քոմյունիքեյշնզէ ընկերութեան տնօրէն Րաֆֆի Նիզիբլեանը։ Իր խօսքերուն համաձայն, իրենք շուրջ մէկ տարի է, որ կÿ աշխատին Սերժ Թանքեանի համերգի նախագիծին վրայ։
«Ֆիւճիթիվ Սթուտիոս» ընկերութեան ներկայացուցիչը՝ Արմէն Կուպելեան ըսաւ, որ ԱՄՆ-ի մէջ լսելով Թումօ կեդրոնի մասին, գաղափար յառաջացաւ համագործակցելու ուղղութեամբ եւ այսպէս՝ ստեղծուեցաւ այս նախագիծը: «Չնայած այս պահին Սերժ Թանքեանը շրջագայութիւնների մէջ է System of a Down խումբին հետ, նա այնուամենայնիւ ժամանակ է գտել Հայաստանում համերգով հանդէս գալու համար»,-ըսած է ան:
Արմէն Կուպելեան յայտնած է նաեւ թէ Թանքեանի համերգը ուղիղ հեռարձակում պիտի ունենայ (Live streaming), սակայն ըսաւ, որ առայժմ չեն կրնար յայտնել թէ արդեօք հեռուսատեսութեամբ պիտի հեռարձակուի Live streaming-ը, թէ համացանցով։
Րաֆֆի Նիզիբլեանը աւելցուց թէ շուտով հանրութեան պիտի հաղորդուին համերգի մանրամասնութիւնները:
Սերժ Թանքեանը արդէն մենահամերգով հանդէս եկած էր Երեւանի մէջ 2010-ի ամառը, իսկ System of a Down խումբը, միաւորուելով այս տարուան ընթացքին արդէն սկսած է կատարել Եւրոպական իր շրջագայութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.