2011-07-29 12:46:28

Առաքելական Գերագոյն Ատեանի Կառավարիչի Գնահատումով՝ Ուսանողները Պէտք Է Որ Լաւ Տեղեակ Ըլլան euthanasie-ի՝ Քաղցրամահի Մասին։


Կարտինալ Ռէյմոն Պըրք` կառավարիչը Առաքելական գերագոյն ատեանի բաղձանք յայտնած է որ ուսանողները աւելի տեղեակ ըլլան եկեղեցւոյ ուսուցումին, հայող աւդանազիա քաղցրամահի նիւթին մասին։ 27 յուլիսին կատարած միջամտութեան ընթացքին, կարտինալ Պըրք մատնանշեց թէ՝ ուսանողները, որ մասնաճիւղի որ ալ հետեւին, պէտք է որ նաեւ հետեւին իմաստասիրական դասերու, որպէսզի աւելի տրամաբանական ու գիտակից մօտեցում ունենան կեանքի հարցերու մասին։
Նախապէս, հաստատելէ ետք թէ չկայ կեանքը դադրեցնելու օրէնք մը երբ անիկա անտանելի կը դառնայ, Կարտինալը ըսաւ որ Կեանքը` կարճ ըլլայ երկար կամ տառապալից , պէտք է միշտ յարգուի ու խնամուի։ Հուսկ ան ըսաւ ՜՜կամայականօրէն տիրանալ անմեղ անհատի մը կեանքին ներքուստ յոռի է եւ ոչ մէկ կերպով կարելի է արդարացնել՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.