Փիլիպպոս Առաքեալի Գերեզմանը Ի Յայտ Եկած Է Իտալացի Հնախոյզերու Խումբի Մը Կողմէ։
32 տարիէ ի վեր հնագիտական պեղումները գլխաւորող իտալացի հնագէտ Ֆրանչեսքօ տ՛Անտրիա յայտարարած
է, որ Թուրքիոյ մէջ յայտնաբերուած է Քրիստոսի 12 առաքեալներէն Ս. Փիլիպպոսի գերեզմանը,
այսպէս կը հաղորդեն Թրքական լրատուամիջոցները։ Նշելով, որ շուրջ երկու հազար տարի
առաջ քրիստոնէութիւնը տարածելու յանցանքով հռոմէացիներու կողմէ սպաննուած Ս. Փիլիպպոսի
գերեզմանը յայտնաբերուած է Հիերապոլիս (Փամուքքալէ) հնամենի քաղաքին մէջ, իտալացի հնագէտը
ըսած է, որ «Ս. Փիլիպպոսը, որ Աւետարանին մէջ կը յիշատակուի, շատ մեծ նշանակութիւն ունի
քրիստոնեայ աշխարհին համար: Անոր գերեզմանին յայտնաբերումը ամբողջ աշխարհին մէջ մեծ աղմուկ
պիտի բարձրացնէ»: Խօսելով կատարուած պեղումներուն մասին` փրոֆ. տ՛Անտրիան ըսած է,
որ իրենք տարիներ շարունակ ամբողջովին այլ վայրի մէջ կը փնտռէին Ս. Փիլիպպոսի գերեզմանը: «Քրիստոսի
12 առաքեալներէն Ս. Փիլիպպոսը նահատակ կը նկատուի: Այդ պատճառով ալ անոր ի պատիւ Նահատակներու
բլուրին վրայ կառուցուած եկեղեցին կը կոչուի Մարտիրոս: Հնագէտները երկար տարիներ կը կարծէին,
որ Ս. Փիլիպպոսի գերեզմանը կը գտնուի այդ եկեղեցիին մէջ: Սակայն պեղումներու ժամանակ
այդտեղ գերեզման չէ յայտնաբերուած: Մէկ ամիս առաջ այդ եկեղեցիէն 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան
վրայ այլ եկեղեցւոյ մը հետքը գտանք: Իսկ երբ սկսանք պեղումներուն, գտանք Ս. Փիլիպպոսի
գերեզմանը, զոր առայժմ չենք բացած: Սակայն յառաջիկային պիտի բանանք», ըսած է իտալացի
փրոֆեսէօրը` նշելով, որ գերեզմանը քրիստոնէական ամբողջ աշխարհին համար ուխտատեղի պիտի
դառնայ:
Փիլիպպոս Առաքեալ - Փիլիպպոս առաքեալ Բեթսայիդայէն էր, Անդրէաս եւ Պետրոս
առաքեալներուն քաղաքէն: Յիսուս երբ զինք առաքելութեան կը կանչէ, ան (Փիլիպպոս առաքեալը)
առանց ժամանակ կորսնցնելու, կ’երթայ եւ կ’աւետէ Նաթանայէլին որ գտած են այն մարդը՝ որու
մասին Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է: Փիլիպպոս առաքեալ երեք տարիներ հետեւելէ ետք Քրիստոսին,
միւս առաքեալներուն նման, կ’անցնի առաքելութեան եւ ըստ աւանդութեան կը քարոզէ Փոքր Ասիոյ
մէջ եւ կը նահատակուի խաչելութեամբ: Նշենք թէ ներկայ Փամուքքալէ` երբեմնի Հիերապոլիս,
զբօսաշրջիկութեան վայր մըն է, որ նշանաւոր է իր հանքային տաք աղբիւրներով ու մրրական
սպիտակ ժայռերով։