2011-07-28 12:08:29

Նոր հրատարակութիւն
Արմէն Մալխասեանի Սուրբ Էջմիածնի Մետաղէ Կրկնակազմերը Գիրքը։


Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է Արմէն Մալխասեանի Սուրբ Էջմիածնի մետաղէ կրկնակազմերը գիրքը, որուն մէջ ներկայացուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններու մէջ պահուող եւ ցուցադրուող, 15-20-րդ դարերուն պատրաստուած մետաղէ կրկնակազմերը։
Կրկնակազմերու մեծ մասը ունի թուակիր արձանագրութիւններ, որոնք կարեւոր աղբիւր կը հանդիսանան, թէ հայկական կազմարուեստի եւ կազմարարական դպրոցներու ուսումնասիրութեան, եւ թէ հնագրութեան, հայոց լեզուի պատմութեան եւ այլ խնդիրներու լուսաբանման համար։ Հեղինակը արձանարութիւններու շնորհիւ պարզաբանած է կրկնակազմերու հետ կապուած շարք մը հանգամանքներ։
Գիրքը տպագրուած է Սարգիս Գաբրիէլեան հիմնադրամի մեկենասութեամբ







All the contents on this site are copyrighted ©.