2011-07-28 12:57:38

Կրօնաբարոյական հարցեր
Մեղքին հետեւանքները


Մեղքին հետեւանքները
Ի՞նչ եղան Ադամ եւ Եւայի գործած մեղքին հետեւանքները մարդկութեան համար։
Անոնք բազմաթիւ են, որով ստեղծագործութեան գեղեցիկ ներդաշնակութիւնն է որ դղրդեցաւ. Ամէն կողմ սկսան ճեղքեր երեւնալ։
Ա – Նախ եւ առաջ` կը խորտակուի կապը մարդուն` Աստուծոյ հետ. Մերժելով յարգել Աստուծոյ իրաւունքները, կը մերժուի անոր բարեկամութիւնը. Ուզելով ըլլալ նման Աստուծոյ, մարդը կը դառնայ անոր հակառակորդը. Կարելի չէ այլեւս ունենալ մտերմութիւն Աստուծոյ հետ, ուստի մարդը զուրկ կը մնայ սրբարար շնորհքէ, եւ չի կրնար ընդունուիլ յաւիտենական երջանկութեան մէջ։
Ծննդոց Գիրքը կ՛ըսէ թէ Աստուած վռնտեց Ադամը եւ Եւան իր առջեւէն։ Այլեւս մարդ արարածը իր Աստուծոյ զաւակի հանգամանքէն կը զրկուի եւ կ՛ըլլայ սովորական արարած մը, նման միւս բոլոր անասուններուն, զուրկ աստուածային որեւէ պարգեւէ եւ որեւէ շնորհքէ։
Բ - Երկրորդ` կը խորտակուի կապը արտաքին աշխարհին հետ։ Այլեւս մարդը կը կորսնցնէր իր հակակշռութիւնը նիւթական աշխարհի վրայ։ միայն իր տաժանակիր աշխատանքովը պիտի կարենար տիրել հողին. Նիւթը ստեղծուած էր Աստուծոյ կողմէ օգնելու մարդուն իր սլացքին մէջ դէպի Աստուած. Մարդ արարածը սակայն` իր յարաբերութիւնը խզելով Ստեղծիչին հետ, ստորադաս էակներն ալ իրենց կարգին մերժեցին հպատակիլ մարդուն. փոխանակ օգնական ըլլալու, անոնք եղան արգելք եւ փորձութիւն։
Դարձեալ Ծննդոց Գրքին մէջ կը կարդանք հետեւեալ խօսքը, զոր Աստուած կ՛ուղղէ առաջին զոյգին. Քու պատճառաւդ` երկիրը անիծեալ պիտի ըլլայ։ Այս կը նշանակէ թէ ամէն տեղ մարդ պիտի հանդիպի ընդդիմութեան եւ հարկ է որ շատ ծանրօրէն աշխատի իր կեանքի պէտքերը հոգալու համար։
Գ – Ի վերջոյ, մեղքը կը յառաջացնէ խախտում մարդուն հաւասարակշռութեան մէջ։ Բոլոր տուրքերը զորս նախապէս ունէր, իր ստեղծման օրէն, այսինքն անչարչարելի ըլլալը, անմահութիւնը, ներքին միութիւնը, զորս ստացած էր շնորհքի ուժով, անհետացան շնորհքի կորուստէն ետք։ Մարմինը ենթակայ դարձաւ չարչարանքի եւ մահուան, միշտ պէտք է ինքզինք պաշտպանէ բնութեան եւ ուրիշ էակներու դէմ, առանց սակայն կարենալ հեռացնելու անխուսափելի մահը։ Հոգին այլեւս պիտի չկարենայ իշխել կատարելապէս մարմնոյն եւ անոր ցանկութիւններուն վրայ։ Խելքն ու միտքը պէտք պիտի ունենան ջանք թափելու զարգացման հասնելու համար եւ պիտի յառաջանան տգիտութեան մէջ խարխափելով։ Իսկ կամքը` երբ լուսաւորուած չէ այլեւս երկնատուր իմացականութեամբ, մարմնոյն անսանձ ախորժակներէն հրապուրուելով` պիտի փնտռէ երջանկութիւնը հոն ուր չկայ իրականութեան մէջ։ Մէկ խօսքով կը հաստատուի անկանոնութիւնը ամենուրեք։
Սուրբ Գրքին մէջ` Աստուած յստակօրէն կ՛ըսէ Ադամին. Քու նեղութիւններդ պիտի բազմապատկեմ եւ ճակտիդ քրդինքովը պիտի ուտես քու հացդ. Իսկ Եւային կ՛ըսէ. Ցաւերու մէջ պիտի ծնանիս քու զաւակներդ։ Մարդուն վերջը մահն է. Եւ Աստուած կը գործածէ հետեւեալ խօսքը. Հող էիր եւ հող պիտի դառնաս։ Ինչ որ կը նշանակէ թէ այլեւս մարմինը, իր երկրաւոր կեանքի աւարտին` պիտի չվերափոխուի ինքնաբերաբար դէպի երկինք, ինչպէս որ սահմանուած էր մեղքէն առաջ, այլ բազմաթիւ չարչարանքներէ ետք, պիտի դադրի ապրելէ եւ պիտի փտտի հողին տակ, մինչեւ որ ոսկորներն իսկ փոշիի վերածուին։ Ահա ասոնք են սկզբնական մեղքին հետեւանքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.