2011-07-28 11:51:34

Երուսաղէմի Կրօնապետերու Հանդիպումը Բնապահպանութեան Նիւթին Մասին։


Կրօները ի՞նչ կերպով կարող են սատարել բնութեան պահպանումին։
Նման հարցումի մը պատասխան տալու համար, Երուսաղէմի զանազան կրօններու պատասխանատուներ միատեղ հաւաքուեցան խորհրդակցելու բնութեան պաշտանութեան մասին։ Ժողովականները իրենց հանդիպումին աւարտին հաստատեցին որ ''ստեղծագործութիւնը յարգելով՝ Արարիչը յարգած կ'ըլլանք''։
Գերապայծառ Շոմալին մամուլին հետ ունեցած ելոյթով հաստատեց. ''մեր կեցութիւնը երկրի վրայ ժամանակաւոր է, պէտք է սիրենք արարչագործութիւնը, որ մեզի շնորհուեցաւ որպէս վայլելելիք ու պահպանելիք պարգեւ մը, ընդգծելով թէ խաղաղութիւնը կը կերտենք երբ պահպանենք արարչագործութիւնը։ Ուստի գերապայծառ Շոմալին հրաւիրեց որ վերատեսենք մեր ընթացքը ու պայքարինք բնութեան չարաշահումին դէմ։ Հուսկ գերապայծառ Շոմալին անդրադարձաւ Կազայի բնապահպանութեան ծրագրին։







All the contents on this site are copyrighted ©.