2011-07-28 11:50:00

"Pave the way foundation"ի Համաձայն Պիոս ԺԲ-ի Նախաձեռնութեամբ՝ Աւելի Քան 11 Հազար Հրեաներ Ազատած Են։


Պիոս ԺԲ.ի անմիջական միջամտութեան շնորհիւ՝ աւելի քան 11 հազար հրեաներ փրկուեցան նացիներու՝ 19 հոկտեմբեր 1943-ի շրջապատումէն ու սպանդէն, այսպէս հաստատած է "Pave the way foundation" միջկրօնական երկխօսութեան կազմակերպութիւնը, որուն կեդրոնը ԱՄՆ.ի մէջ կը գտնուի։
Կազմակերպութեան այս տեղեկութիւնները կը հիմնուին Հռոմի գերմանական ժողովրդապետութեան մէջ գտած փաստաթուղթերուն վրայ։ Վերոյիշեալ կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն՝ Կերի Կրաբի համաձայն, Պիոս ԺԲ.ի ուղղակի միջամտութիւնը, փրկեց աւելի քան 11.400 հրեաններ 12.400-ի վրայ։
16 հոկտեմբեր 1943ի առաւօտուն իմանալով Հռոմի հրեաներու ձերբակալութեան հրահանգին լուրը , Պիոս ԺԲ պաշտօնական բողոքագիր մը ուղղած է գերման իշխանութիւններուն։ Հռոմի կեստաբոյի պետ Հենրիչ Էիմմլեր անմիջապէս հրահանգած էր հրեաներու ձերբակալութեան վերջը։








All the contents on this site are copyrighted ©.