2011-07-27 12:55:00

Սուրբ Աթոռի եւ Մալեզիայի Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատում։


Սուրբ Աթոռը ու Մալեզեան որոշեցին դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Մալեզիոյ մէջ բանալով Առաքեալկան Դեսպանութիւն եւ Սուրբ Աթոռի մօտ նշանակելով Մալեզիայի դեսպան։

Երկու պետութիւններու միջեւ դիւանագիտական յարաբերոպւթիւններու ստորագրութիւնը ունեցաւ տարբեր հանգրուաններ։ 2002 յունիս 7ին առաջին անգամուայ համար Մալեզիայի Վարչապետ մը կը հանդիպեր Հռոմի Պապին երբ ՅՊԲ երջանկայիշատակ Սրբազան գահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհած էր այն ժամանակուայ վարչապետ Մահադիր Պին Մոհամմըտին։ 2005 ի լուր ՅՊԲ մահուան Մալեզիայի կառավարութիւնը ցաւակցական հեռագիր մը ուղարկեց Սուրբ Աթոռին ու յատուկ պատուիրակութեամբ մը մասնակցեցաւ ՅՊԲ յուղարկաւորութեան ինչպէս նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Պապին գահակալութեան արարողութիւններուն։
14 - 16 յունիս 2005 Գուալա Լումբար Թեմի հաստատութեան 50 ամեակի առթիւ այն ժամանակուայ Վատիկանի արտգործ նախարար` Գերապայծառ Ճիովաննի Լայոլոն` առաջին անգամուայ համար` բարձր մակարդակի` այցելութիւն մը կատարեց Մալեզեա։
Ի վերջոյ անցեալ յուլիս 18ին Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Մալեզիայի Վարչպետ Տիար Նաժիպ Րազաքի ու իրեն ընկերացող շքախումբին ու այս առթիւ է որ որոշում առնուեցաւ դիւանագիտական կապեր հաստատել երկու պետութիւններու միջեւ։

Մալեզեան կը հանդիսանայ 179րդ երկիրը որ դիւանագիտական կապեր ունի Վատիկանի հետ։ Մալեզեան ունի 329.750 քմ2 տարածութիւն եւ կը հաշուէ 28 միլիոն բազմամշակութային ու բազմակրօն բնակչութիւն` որոնցմէ 60 տոկոսը մահմետական են, իսկ Քրիստոնեաները բնակչութեան 9.1 տոկոսը կը կազմեն։

1957 ի վեր Մալեզեան անկախ պետութիւնն է։ Կաթողիկէ եկեղեցին հոն ներկայ է Փորդուկալցի միսիոնարներու ժամանումով1511 ին։ Մալեզիայի մէջ կը պաշտօնավարեն 11 եպիսկոպոսներ` 274 թեմական քահանաներ` 119 քահանաներ` 123 կրօնաւորներ` 759 մայրապետներ եւ 270 նորնծաներ։ Կաթողիկեները կը կազմեն բնակչութեան 3 առ հարիւրը 850.720 հաւատացեալ։

Երկու պետութիւններու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը՝ ապագայի համար յոյսի նշան մըն է Մալեզիայի քրիտոնեաներուն, որոնք յաճախ խտրականութեան թիրախ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.