2011-07-27 13:00:45

Յորդանանը Մզկիթ Կը Կառուցէ Նուիրուած Յիսուս Քրիստոսի։


Յորդանանի Մատապա քաղաքի իսլամ կրօնապետ՝ Ժամալ ալ Սուֆրադի, մտադրած է իր քաղաքի մէկ մզկիթը Յիսուս Քրիստոսի նուիրել ,որպէս հանդրժողութեան պատգամ ուղղուած քրիստոնեայ եւ իսլամ աշխարհին։ Յիսուս որ Իսա կը կոչուի արաբերէնով, կարեւոր մարգարէ կը նկատուի իսլամ աշխարհին համար։ Իսլամ կրօնապետ Ժամալ ալ Սուֆրադի մամուլին հետ ունեցած ելոյթով մատնանշած է որ արաբ աշխարհին մէջ շատ մզկիթներ կան որոնք նուիրուած են բոլոր մարգարէներուն, բացի Յիսուսի։ Իմամին համար Յիսուսի նուիրուած մզկիթը պիտի հանդիսանայ պատգամ մը բարեկամութեան ու հանդրժողութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.