2011-07-27 12:46:08

Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի Աշակերտներու Յաջողութիւնը։


Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանը 100 առ 100 յաջողութիւն արձանագրեց 2010-2011 տարեշրջանի BP պետական քննութիւններուն։
BP Հաշուապահութեան քննութիւններուն ներկայացան Մեսրոպեան Արուեստիցի 16 աշակերտներ՝ որոնք բոլորն ալ յաջողութիւն արձանագրեցին եւ ստացան համապատասխան պետական վկայականներ։
Յայտնենք որ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի մէջ BP ծրագիրը սկսաւ 2005-2006 տարեշրջանին, ու առաջին դասարան կ՝ընդունուին բոլոր անոնք, որոնք աւարտած են միջնակարգի 7րդ դասարանը։
BP երկամայ ծրագրին նպատակն է աշակերտները պատրաստել BT եւ հուսկ՝ TS պետական քննութիւններուն, որոնց մէջ յաջողութիւն արձանագրողները յաջորդաբար կը տիրանան Բ պաքալորէայի ու համալսարանականի հաւասարազօր վկայականներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.