2011-07-27 12:59:52

Եւրոմիութեան Եկեղեցիներու Խորհուրդի Խորհրդաժողովը ''Ժողովրադապետութիւնները Յոյսի Օճախ '' Նիւթին Մասին։


Մինչ ներկայիս Եւրոմիութեան հասարակութիւնը տագնապի շրջանի մէջ կը գտնուի, ժողովրդապետութիւնները կարող են հանդիսանալ հանգիստի ու յոյսի վայր մը, այս է համոզումը բոլոր այն ժողովականներուն որոնք անցեալ 22 յուլիսին Հունգարիոյ Նիրեկիհազա քաղաքին մէջ մասնակցեցան ''ժողովրդապետութիւններու եւրոպական խորհդաժողով'' նիւթին մասին հաւաքին։
13 երկիրնէ եկած՝ 140 մասնակցողներու գնահատումով , ներկայիս վախն ու մտահոգութիւնը կը տիրէ Եւրոոպայի Միութեան շատ մը երկիրներու մէջ, եւ ժողովրդապետութիւնները՝ կարող են հանդիսանալ Ովասիս մը՝ ուր մարդիկը կարող են հանգիստ ու անդորրութիւն զգալ։ Ժողովրդապետութիւնը վայրն է հանդիպումի, երկխօսութեան ու աղքատներու ու տառապողներու հիւրընկալութեան։
Ժողովականները ընդգծեցին թէ ժողովրդապետութիւնները կը մնան վայրը յոյսի քանի հոն մարդիկը միատեղ կը գտնուին կը բաժնեն իրենց դժուարութիւնները եղբայրակցութեան ու հաշտութեան հոգիով։
Նշենք որ ՜՜ժողովրդապետութիւններու եւրոպական խորհդաժողովը՝՝ քահանաներու եւ աշխարհականներու ազատ ընկերակցութիւն մըն է, որոնց անդամները երկու տարին անգամ մը ժողով կը գումարեն ։ Առաջինը հանդիպումը Լոզան տեղի ունեցաւ 1961-ին ։
Նիրեկիհազայի հանդիպումը յիշատակեց 50-րդ տարեդարձը այդ նախաձեռնութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.