2011-07-26 14:30:56

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Երկուշաբթի 25 եւ երեքշաբթի 26 յուլիսին Նիւ Եորքի մէջ` Մակի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած է հաւաք մը բարձր մակարդակով որ նուիրուած է երիտասարդներուն, Մակէն հաստատուած 12 օգոստոս 2010 - 11 օգոստոս 2011 երիտասարդութեան նուիրուած տարւոյն առթիւ։
Հաւաքը նուիրուած 15 - 24 տարեկան երիտասարդներուն, որոնք կը ներկայացնեն աշխարհի բնակչութեան 18 առ հարիւրը (1.2 միլիար անձ)։ Հաւաքի ընթացքին շօշափուեցան երիտասարդներու հայող զանազան նիւթեր ինչպէս ՜՜երիտասարդներոու ի նպաստ միջազգային համագործակցութիւնը եւ երկխօսութեան զարգացումը որպէս ընկերային համարկումի անհրաժեշտ իրողութիւններ` յաղթահարելու աղքատութիւնը եւ անգործութիւնը ՝՝։

Երիտասարդներու Տարի մը նուիրելու որոշումը Մակի կողմէ առնուեցաւ 2009 դեկտեմբերին զարգացնելու նպատակով՝ խաղաղութեան ու մարդու իրաւունքերու յարգանքի գաղափարականները, ինչպէս նաեւ սերունդներու, մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ զօրակցութիւնը։
Մակի նախաձեռնած այս հաւաքին առթիւ՝ Մակի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` Արքեպիսկոպոս ֆրասին Շուլլիքաթ իր կարգին կազմակերպած է հանդիպում մը <<Պաշտպանել երիտասարդները ու զարգացնել Մարդու արժանապատուութիւնը>> խորագրով։



Մատրիտ -Երեքշաբթի 26 յուլիսի առաւօտեան ժամը 11ին Մատրիտի մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը ներկայացնելու երիտասարդութեան 2011-ի համաշխարհային օրուայ կազմակերպչական նախապատրաստողական գործընթացքը։ Մամլոյ ասուլիսը տեղի ունեցաւ երիտասարդութեան 2011-ի համաշխարհային օրուայ կազմակերպիչ յանձնախումբի կեդրոնի մէջ, որ կր գտնուի Բլազա Սան Խուան Դէ Լա Գրուց հրապարակի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.