2011-07-26 12:31:32

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Ցաւակցական Հեռագիրը Կարտինալ Վիրճիլիօ Նոէ-ի Մահուան Առթիւ - Ան Եղած Է Աւագերէց Քահանան Ս. Պետրոս Տաճարին։


Երեքշաբթի 26 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10ին, Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Կարտինալ Վիրճիլիօ Նոէի Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։
Յայտնենք որ կարտինալ Վիրճիլիօ Նոէ 89 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Հռոմի մէջ։ Ան եղած էր արարողապետը Աստուծոյ ծառայ` Պօղոս Զ. եւ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետներուն եւ աւելի քան տասը տարիներ Ս. Պետրոս տաճարի գահերէց քահանայի պաշտօնը կատարած է։
Ի լուր կարտինալին մահուան Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ցաւակցան հեռագիր
ուղղած է ողբացեալ կարտինալին քրոջ, ընդգծելով անոր անվերապահ նուիրումը Ս. Աթոռին, արդարեւ ան երկար տարիներ ծառայեց մեծ եռանդով եւ հաւատարմօրէն ապրեցաւ աւետարանական ոգիով։
Սրբազան Հօր ցաւակցագիրին մէջ կը կարդանք. ՜՜Մինչ աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած, որպէսզի Ամենաբարի Տէրը զինք վարձատրէ իր Արքայութեան մէջ, իմ առաքելական օրհնութիւնը կու տամ բոլոր անոնց որոնք զինք ճանչցան ու կ'ողբան անոր մահը՝՝։
Կարտինալ Վիրճիլիօ Նոէ ծնած էր Իտալիոյ Բավիա քաղաքը 1922 մարտին։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1944-ի հոկտեմբերին։ Ըլլալով Եկեղեցւոյ պատմութեան հմուտ, 1964ին Հռոմ կանչուած էր ուր յաջորդաբար պաշտօնավարած է որպէս ծիսական քարտուղար Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին, ապա քահանայապետական արարողապետ, ու քարտուղար աստուածային պաշտամունքի ժողովին։ 1991-ին կարտինալական պատւոյն կ'արժանանայ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի կողմէ եւ կը ստանձնէ Վատիկան քաղաքի քահանայապետական ընդհանուր տեղապահի պատասխանատուութիւնը ։
Կարտինալ Վիրճիլիօ Նոէյի մահով կարտինալական դասը կը հաշուէ 196 անդամ որոնցմէ 114ը Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով։ Կարտինալական դասը ներկայիս կը հաշուէ 46 կարտինալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.