2011-07-26 12:30:03

Հրանդ Տինքի Սպանութեամբ Ամբաստանեալը Դատապարտուեցաւ Շուրջ 23 Տարուան Բանտարկութեան


«Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, Պոլսոյ դատարաններէն մէկը շուրջ 23 տարուան ազատազրկման դատապարտեց Հրանդ Տինքի սպանութեամբ ամբաստանուած Օկիւն Սամասթը:

Դատարանը ցմահ բանտարկութեան դատապարտած էր Սամասթը, սակայն պատիժը նուազեցաւ 258 ամսուան (քսանմէկուկէս տարի) ազատազրկման` տրուած ըլլալով, որ յանցագործը անչափահաս էր, երբ 2007-ին սպաննած էր Հրանդ Տինքը: Սամասթ նաեւ ստացաւ 16 ամսուան յաւելեալ բանտարկութեան վճիռ` առանց արտօնագիրի զէնք կրելու պատճառով:
Նշենք, որ Սամասթ 17 տարեկան էր, երբ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատան առջեւ սպաննած էր Հրանդ Տինքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.