2011-07-26 14:30:47

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
Ինչպէս Հանգչիլ


Վերջին երեք կիրակիներու ընթացքին, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն ետք ` Նորին Սրբութիւնը ֆրանսերէնով ողջունելէ ետք հաւատացեալները, մի քանի փոքր խրատներ տուաւ ամառնային շրջանի վերաբերող։
Նախ ՝ հրաւիրեց անոնք որոնք կարելիութիւնը ունին հանգիստ ընելու, որ ջանան գործածել այդ օրերը ունենալու՝ նոր մօտեցում մը ուրիշներուն եւ Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութեան մէջ ։ ՜՜Եթէ կարելիութիւնը կայ ընդհատելու տքնաջան ու դժուար աշխատանքը մեր առօրեային մէջ, լաւ կ՝ըլլայ որ ժամանակ տրամադրենք ուրիշներուն եւ Աստուծոյ։ Նորին Սրբութիւն կը խրատէ նաեւ որ մեր ճամբրուկներու մէջ զետեղենք Աստուծոյ խօսքը ու մանաւանդ Աւետարանը։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց մեզ դիտել մեր շուրջ գտնուող արարչութիւնը` գնահատել անոր գեղեցկութիւնը ու անոնց ընդմէջէն տեսնել Արարիչին ներկայութեան մեծութիւնը, որ Սքանչելի Պարգեւ մըն է զոր պէտք է դիտենք Յիսուսի ցուցաբերած նոյն ուշադրութեամբ, Ինք որ գիտէր թարգմանը հանդիսանալ նշաններու նշանակութեան։
Յարգանքի արժանի պարգեւ մը` որ պէտք է զայն պահպանենք ու պաշպանենք, եւ որուն պատասխանատուներն ենք Աստուծոյ, մեր շուրջիններուն ու համայն մարդկութեան առջեւ։
Իսկ վերջին խրատը եղաւ. հրաւիրել ամառնային ճամբորդներն ու ուխտաւորները դիտելու անցեալի պատմական կոթողները որպէս մշակոյթի եւ հաւատքի վկայութիւն` որոնք կապ կը հանդիսանան որպէս մեր արմատներու հոգեւոր ժառանգութիւն եւ որոնց գեղեցկութիւնը կ՛օգնէ Աստուծոյ ներկայութիւնը զգալի դարձնելու, եւ կը հրաւիրէ աղօթելու ի նպաստ մարդկութեան դէպի երրորդ հազարամեայ ուղեւորութեան։ Բարեկամութիւն, ընթերցանութիւն, բնութիւն, մաշկոյթ սնուցանելու եւ զօրացնելու համար հոգին եւ նոր կորովով շարունակելու մեր ճանապարհը։








All the contents on this site are copyrighted ©.