2011-07-26 12:29:30

Թուրքիա Ապաստանած Սուրիացի Գաղթականներուն Մեծ Մասը Վերադարձած են Իրենց Տուները


Թուրքիոյ վարչապետարանի աղէտներու շտապ լուծման մարմինին (Էյ. Էֆ. Էյ. Տի.) պաշտօնական կայքէջին վրայ հրապարակուած տեղեկագիրին համաձայն, վերջին ամիսներուն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող բախումներէն փախչող հազարաւոր սուրիացի քաղաքացիներուն մեծ մասը վերադարձած են իրենց տուները: «Մարտէն ի վեր Սուրիոյ դէպքերուն պատճառով գաղթած եւ Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած 15,907 սուրիացիներէն 7890-ը վերադարձած են իրենց տուները` Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներուն թիւը նուազեցնելով 8017-ի», կը հաղորդէ մարմինը: «Էյ. Էֆ. Էյ. Տի.»ի տուեալներուն համաձայն, 25 յուլիսին 196 սուրիացիներ կամաւորաբար վերադարձած են իրենց տուները, մինչ նոյն օրուան ընթացքին 49 գաղթականներ հասած են Թուրքիա: Գաղթականները ապաստանած են Սուրիոյ հետ սահմանակից թրքական Անտիոք շրջանին մէջ` վրաններու տակ: Գաղթականներէն 64-ը թրքական հիւանդանոցներուն մէջ ստացած են բժշկական խնամք








All the contents on this site are copyrighted ©.