2011-07-26 12:56:28

Եգիպտոսի Մահմետական Կրօնապետերը Կը Դատապարտեն Օսլոյի Մահափորձերը։


՜՜Ալ Ազհար՝՝ համալսարանը (Եգիպտոսի մէջ) միանալով մահմետական կրօնապետերուն, իր ցաւակցութիւնները յայտնած է Օսլոյի մահափորձերու զոհերուն եւ միաժամանակ դատապարտած է ՜՜տմարդի արարքները՝՝։
Գահիրէի՝ Ալ Ազհար համալսարանի դատումով , Օսլոյի ողբերգութիւնը կը փաստէ որ ահաբեկչութիւնը կապուած չէ կրօնի մը եւ ոչ ալ երկրի մը, այլ լոկ քրէական վարուելակերպն է այլասէր գաղափարախօսներու։ Ալ Ազհար՝ իր մտահոգութիւնը յայտնած է աջակողմեան ծայռայեղութեան աճումին ի տես Եւրոպայի ու ԱՄՆի մէջ։ Ծայռայեղ աջակողմեանները (ըստ Ալ Ազհարի) սպառնալիք մըն են բոլոր ազգերու քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական կառոյցներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.