2011-07-26 12:29:07

2011-ը ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻ ։ Հռչակուած Արամ Ա.ի Վեհափառի Կողմէ։



(Ի՞նչ պէտք է սորվեցնել Աստուածաշունչէն ։ Պատրաստեց Հրայր Ճէպէճեան)։

Անհրաժեշտ է խուսափիլ հայ մանուկին Աստուածաշունչի դաստիարակութեան գործընթացին մէջ «դաս» եւ «դասապահ» բնորոշումէն: Մանուկը կրնայ խուսափիլ «դաս»ի մթնոլորտէն, սակայն անպայման կը նախընտրէ «պատմութիւն» հասկացողութիւնը: Մանուկը պիտի սիրէ Աստուածաշունչի պատմութիւնները` փոխանակ ընկալելու Աստուածաշունչի դասերը…: Բայց միեւնոյն ժամանակ անհրաժեշտ է մանուկին բացատրել, որ Աստուածաշունչի այս պատմութիւնները իրական են եւ` կեանքի ու ինքնութեան համար օրինակելի եւ կիրարկելի: Բայց տակաւին աւելին կայ. մանուկը նախ պէտք է սորվի Աստուծոյ «նկարագիրին» մասին, քան` Աստուծոյ պատասխանատուութիւններուն ու պարտականութիւններուն կամ անոնց հետեւանքներուն մասին: «Եթէ չար կենաս, Աստուած պապան խոշոր քար մը պիտի նետէ գլխուդ» կամ` «Եթէ հնազանդ չապրիս, դժոխք պիտի երթաս»: Նոյնիսկ եթէ իրականութիւն կայ այս խօսքերուն մէջ, բայց եւ այնպէս այդպիսով մենք մանուկը կը վանենք Աստուծմէ: Աւելի ճիշդ է, որ մանուկը նախ սորվի, որ` «մենք կը սիրենք Աստուած, որովհետեւ ան նախ մեզ սիրեց» (Ա. Յովհաննու 4:19): Մանուկը պիտի հասկնայ, թէ Աստուած սէր է, եւ ինք եւս նոյն սիրով պիտի պատասխանէ Աստուծոյ:
Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը մանուկին մէջ կը սկսի զարգացնել քննական վերլուծումը եւ հաւասարակշռութեան գործօնները: «Բարի սամարացիի» առակը, օրինակ, մէկ կողմէ կը փոխանցէ մեծ բարեկամ Յիսուսի տիպարը, իսկ միւս կողմէ` կը սորվեցնէ բարեկամութեան անհրաժեշտութիւնը: Միեւնոյն ատեն մանուկը կը խթանէ կամաց-կամաց տրամաբանելու, թէ զիրար չհանդուրժող մարդիկ, հրեան եւ սամարացին` այս պարագային, կրնան իրարու օգնել, նոյնիսկ եթէ իրարմէ տարբեր են ու անկապ: Մանուկը պէտք է սորվի ընդունիլ դիմացինը, նոյնիսկ երբ ան իրեն պէս չի մտածեր:Այսպիսով ալ մանուկը կը սիրէ հայրենիքը եւ կը ծառայէ անոր: «Այն, ինչ որ Աստուծոյ է, տալ Աստուծոյ, եւ այն, ինչ որ կայսեր` տալ կայսեր…»: Մանուկը պէտք է հաւասարակշռէ իր կեանքի տարբեր յարաբերութիւնները` սիրել նոյնինքն կեանքի տարբեր ինքնութիւնները, այս պարագային` երկիրն ու հայրենիքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.