2011-07-25 16:09:33

Ս. Էջմիածին Կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին Մէջ Ընդունուած Փաստաթուղթը։


Ս. Էջմիածին ողջունած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի մէկ յանձնախումբին 21 յուլիսին ընդունած փաստաթուղթը, ըստ որուն` Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղուի` հայերէն, յոյներէն եւ ասորիներէն բռնագրաւուած եկեղեցիներն ու վանքերը վերադարձնելու իրենց տէրերուն:
Այս առընչութեամբ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Վահրամ քհնյ. Մելիքեան ըսած է որ եթէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը չ՛ուզեր քննարկել այդ հարցը եւ մեկնաբանութիւն չունի անոր` ատիկա չի նշանակեր, թէ իրենք չեն ուզեր ետ ստանալ այդ եկեղեցիները: Պէտք է նկատի ունենալ, թէ ինչպիսի՛ պայմաններու մէջ կը գործէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը, ինչպիսի՛ կրօնական ու ազգային տրամադրութիւններ կան Թուրքիոյ մէջ նշած է Տէր Վահրամ աւելցնելով. ՜՜ Մենք մեր կարգին , իրենց պէտք է որոշակիօրէն ապահովութեան մէջ դնենք, որպէսզի իրենք այդ խնդիրներուն մէջ չներքաշուին՝՝:
Մամլոյ ասուլիսին մասնակցած է նաեւ` Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի նախագահ Սամուէլ Կարապետեան, որ իր կարգին նշեց, թէ՝ ըստ 1911-1912-ի Պոլսոյ պատրիարքարանի կազմած միայն գործող եկեղեցիներու ցանկին, Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին կայ 2400 եկեղեցի: Այդ եկեղեցիներէն այժմ կը գործէ միայն 40-ը: Սակայն ցանկին մէջ տեղ չգտած, չգործող եկեղեցիներուն, վանքերուն ու մատուռներուն թիւը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ քանի մը անգամով աւելի շատ էին








All the contents on this site are copyrighted ©.