2011-07-25 14:46:47

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կը Դատապարտէ Օսլոյի Մահափորձերը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը խորապէս յուզուած է Օսլոյի մէջ տեղի ունեցած մահաձորձերուն համար եւ խստիւ դատապարտած՝ այս անմիտ բռնարարքները։
Սրբազան Հայրը իր աղօթքը կը բարձրացնէ Ամենակալ Տիրոջ որպէսզի իր Արքայութեան մէջ ընդունի զոհերը, ամոքէ վիրաւորներու ցաւերը եւ սփոփէ անոնց ընտանեկան պարագաները։
Նորվեկիոյ Հարալտ Ե. արքային յղած հեռագիրին մէջ, Նորին Սրբութիւնը իր խոր ցաւը կը յայտնէ մահափորձերու զոհ գացած 92 անմեղ հոգիներուն համար, միաժամանակ հրաւիրելով՝ Նորվեկացիները որոնք ցնցուած են ազգային մեծ սուգէն, որ մնան միացած՝ ընդդէմ վրիժառութեան, ոխակալութեան եւ ընդհարումներուն։ Նորվեկացիները պէտք է աներկիւղ յառաջանան դէպի ապագան, զօրապնդուած փոխադարձ յարգանքով, զօրակցութեամբ ու ազատութեամբ, եւ պէտք է աշխատին ապագայ սերունդներու բարրօրութեան համար, կը կարդանք Սրբազան Քահանայապետի ցաւակցական հեռագիրին մէջ։

Փարիզի առաջնորդ՝ Կարտինալ Անտրէ Վան Դրուան Փարիզի Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած հոգեհանգստեան պատարագին, պատգամ մը ուղղած է Օսլոյի առաջնորդ՝ գերապայծառ Էտվիչին, յայտնելով ֆրանսայի կաթողիկէներու եղբայրական հաղորդութիւնն ու աղօթքը բոլոր զոհերուն համար, որոնք զոհ գացին մահաբեր խենդութեան մը հետեւանով։ Կարտինալը իր աղօթքը կը բարձրացնէ առ Աստուած որպէսզի Մարդուն պարգեւէ շնորհքը խաղաղութեան ծրագիրներ մշակելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.