2011-07-25 16:09:04

Հ Հ Վարչապետ՝ Տիգրան Սարգսեան Կ՝ըսէ .՜՜ Մենք Պէտք է Կարենանք Կասեցնել Արտագաղթի Բացասական Ընթացքը՝՝։


Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 22 յուլիսին Արագածոտնի մարզ կատարած այցելութեան ընթացքին Օշականի դպրեվանքին մէջ հանդիպած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահութեան եւ մտաւորականներու հետ: Հանդիպման ներկայ եղած են Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան եւ Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան: Կառավարութեան ղեկավարը անդրադարձած է արտագաղթի նիւթով խումբ մը մտաւորականներու մտահոգութիւններուն եւ պատասխանած զանոնք յուզող հարցերուն:
Հայաստանի վարչապետին համաձայն, արտագաղթը մշտապէս կը գտնուի կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնը, քանի որ 1991-էն ի վեր մեր երկրին մէջ գոյութիւն ունի ժողովրդագրական լուրջ խնդիր: Յիշելէ ետք որ Հայաստանի բնակչութեան թիւը որ երեք միլիոն է իսկ արտերկրի մէջ անոր երկու անգամը Սարգսեան ըսաւ որ ՜՜անիկա նաեւ հայ ազգի տաղաշարժելու կարողութիւն ունենալու վկայութիւնն է. անշուշտ պէտք է ընդգծել նաեւ, որ արտագաղթին նպաստող միւս գործօնն ալ աշխատատեղերու անբաւարար թիւն է։
Անշուշտ երբ երկրին մէջ ապահովուեցաւ մաքրօ-տնտեսական կայունութիւն, սկսան գրանցուիլ տնտեսական աճի ցուցանիշներ` երկիրը լքողներու թիւը նուազեցաւ։ ՜՜Մենք պէտք է կարողանանք կասեցնել արտագաղթի բացասական ցուցանիշը եւ հասնենք դրական ցուցանիշների: Այդ նպատակին է միտուած նաեւ սփիւռքի նախարարութեան ձեւաւորումը, որը մշակել է մի քանի տասնեակ ծրագրեր, որոնց նպատակն է` ամրապնդել սփիւռքահայութեան հետ կապը, ստեղծել աշխատատեղեր եւ համապատասխան պայմաններ, որպէսզի մեր հայրենակիցները հնարաւորութիւն ունենան ժամանել Հայաստան: Այդ նպատակով կառավարութիւնը մշակել եւ Ազգային ժողովին է ներկայացրել հայրենադարձութեան վերաբերեալ օրէնք, որով պետութիւնն ստանձնելու է պարտաւորութիւններ` մեր հայրենակիցների նկատմամբ` ստեղծել այնպիսի միջավայր, որպէսզի նրանց համակերպումը մեր երկրի պայմաններին լինի հնարաւորին չափ հեշտ եւ կարճ ժամկէտում», եզրափակած է վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:











All the contents on this site are copyrighted ©.