2011-07-25 16:09:18

Եւրոմիութիւնը Պատրաստ Է Աջակցելու Արցախի Տագնապի Լուծման։


Եւրոմիութիւնը կը փափաքի յաւելեալ ներդրում ունենալ ղարաբաղեան տագնապը լուծելու աշխատանքներուն մէջ եւ պատրաստ է անհրաժեշտ նիւթական միջոցները տրամադրել՝ կարգաւորման նպաստելու եւ տարածաշրջանը վերականգնելու համար, ըսած է Շտեֆան Ֆիւլէ Եւրոմիութեան ընդարձակման եւ արեւելեան գործընկերութեան քաղաքականութեան գծով յանձնակատարը, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, նշելով որ՝ Պրիւքսէլը կրնայ աւելին ընել, քանի որ այժմ Եւրոմիութեան արտաքին գերատեսչութեան կարողութիւնները ընդարձակուած են, իսկ խնդիրը կարգաւորելու ցանկութիւնն ու պատրաստակամութիւնը՝ մեծցած է ։ Ըստ Ֆիւլէի, Եւրոմիութիւնը արդէն իսկ շատ գործօն դերակատարութիւն ստանձնած է Մերձտնեսթրի խնդիրը կարգաւորելու հարցին մէջ, եւ պատրաստ է նման քայլերու ձեռնարկելու նաեւ Ղարաբաղի պարագային: Յիշեցնենք, որ Մերձտնեսթրի շուրջ բանակցութիւնները կ՛ընթանան «5+2» ձեւաչափով, ուր երկուքը՝ Եւրոմիութիւնն ու Միացեալ Նահանգները, հանդէս կու գան դիտորդի կարգավիճակով: Եւրոմիութիւնը կրնայ կողմերուն միջեւ վստահութիւնը ամրապնդող միջոցառումներուն կողքին, էական աջակցութեան ծրար պատրաստել, երբ կողմերը հասնին վերջնական համաձայնութեան ըսած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.