Եկեղեցւոյ Մը Կառուցումը Ինտոնեզիայի Մէջ Առկախուած Է, Մահմետականներու Եւ Տեղւոյն Իշխանութիւններու
ճնշումով` Այսպէս Երկրին Բողոքականները Զրկուած են Եկեղեցիէ Մը Ունենալէ։
Ժավա կղզիի բողոքական հաւատացեալները զրկուած են եկեղեցի ունենալէ քանի որ տեղւոյն քաղաքապետը
եկեղեցի կառուցելու արտօնութիւնը ետ առած է անոնց ձեռքէն, հակառակ երկրի Գերագոյն Ատեանի
հրամանագրին։ Նախապէս ծայռայեղ մահմետականները բազմաթիւ անգամներ արգելք հանդիսացած են
եկեղեցւոյ կերտումին։ Նշենք թէ Ժավայի բողոքական հաւատացեալները, սեփական եկեղեցի մը
չունենալով , երկու տարիէ ի վեր իրենց ծիսակատարութիւնները կը կատարեն փողոցը, եւ միշտ
մտահոգ՝ ծայռայեղ մահմետականներու բռնութիւններու ենթարկուելէն , միաժամանակ կ'այպանեն
քաղաքապետ Պուտիարդոյի անօրէն կեցուածքը, որ կամայականօրէն արգելք կը հանդիսանայ եկեղեցւոյ
շինութեան ու պաշտամունքի ազատութեան։ Յայտնենք թէ բողոքական եկեղեցին վերջերս ստացած
է զօրակցութիւնը ''Նահատլադու Ուլամա'' Ինտոնեզիայի իսլամական կարեւորագոյն հաստատութեան
, որ կ'ընդգծէ իրաւունքի գերիշխանութիւնը եւ կը դատապարտէ ամէն բռնարարք որեւէ փոքրամասնութեան
մը դէմ։