2011-07-25 14:50:22

Ատլանտեան Ուխտը Մերժած Է Հրադադարը Ռամատանի Ժամանակ, Իսկ Թրիփոլիի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաքելական Տեղապահը իր Ցաւը Յայտնած Է Ատլանտեան Ուխտի Այս Ժխտական Կեցուածքին Ի Տես։


Գերապայծառ Ճիովաննի Մարթինելլի իր ցաւը յայտնած է որ Ատլանտեան ուխտը ոչ մէկ հրադադար նախատեսած է Ռամատանի` իսլամական ծոմապահութեան ամսոյն ընթացքին, Լիպիոյ մէջ։ Ինչ որ զիս կը զարմացնէ, ըսած է գերապայծառ Մարթինելլի, Ատլանտեան ուխտի ու Եւրոպայի անտաբերութիւնը Ռամատանի ընթացքին հրադադարի առաջարկին հանդէպ։ Լիպիոյ բոլոր ժողովուրդին համար հետ կամ ընդդէմ Քատաֆիին, Ռամատանը սրբազան ժամանակ մըն է եւ այդ զգացումը պէտք է յարգուի, յայտարարած է առաքելական տեղապահը։ Ան նաեւ կոչ ըրաւ որ ռմբահարումները խնայեն անմեղ քաղաքացիները։








All the contents on this site are copyrighted ©.