2011-07-24 15:28:36

Հիլարի Քլինթըն Թուրքիա Պիտի Երթայ։


«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վիքթորիա Նուլընտ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն 15 յուլիսին երկօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Թուրքիա:
Նուլընտ ըսած է, որ Քլինթըն պիտի մասնակցի Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք Լիպիոյ հարցով կապի խմբակի հանդիպումին:
Ան այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի, վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին մասնաւորաբար Լիպիոյ եւ Սուրիոյ վերաբերող հարցեր:
Քլինթըն Թուրքիայէն պիտի մեկնի Յունաստան, ապա` Հնդկաստան:








All the contents on this site are copyrighted ©.